2012-12-20 14:24:44

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց քառասուներկրորդ–Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ
ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ


Հարցում թիւ 148. Մարիամ կարո՞ղ է իսկապէս օգնել մեզի։
Այո՛. Թէ Մարիամ կարող է օգնել մեզի, այս նիւթին շուրջ Եկեղեցին փորձառութիւն ունեցած է իր ծագման օրէն իսկ։ Միլիոնաւոր քրիստոնեաներ կրնան ասոր մասին վկայութիւն տալ։
Որպէս մայր Յիսուսի` Մարիամ նաեւ մեր մայրն է. Լաւ մայր մը միշտ կը պաշտպանէ իր զաւակը. Եւս առաւել` Մարիամ, մեր մայրը։ Երկրի վրայ արդէն ան միջամտեց Յիսուսի մօտ ուրիշ անձերու ի նպաստ, Կանայի հարսանիքին, զոր օրինակ, թոյլ չտալու համար որ հարսնեւորները սեւերես դուրս գային։ Հոգեգալստեան օրը` վերնատան մէջ էր, առաքեալներուն հետ, աղօթելով իրենց միջեւ։ Որովհետեւ իր սէրը անսահման է, ապահով կրնանք ըլլալ որ ան կը միջամտէ մեզի ի նպաստ մեր կեանքի երկու ամենակարեւոր պահերուն, Հիմա եւ մեր մահուան ժամուն։
Հարցում թիւ 149. Կարելի՞ է պաշտել Մարիամը։
Ո՛չ. Միայն զԱստուած կարելի է պաշտել. Սակայն կրնանք յարգել Մարիամը, որպէս Տիրոջ մայրը։
Պաշտել կը նշանակէ խոնարհաբար եւ առանց պայմանի ընդունիլ բացարձակ գերակայութիւնը Աստուծոյ ամէն արարածի վրայ. Արդ Մարիամ մեզի պէս արարած մըն է։ Մեր հաւատքին համաձայն` ան մեր մայրն է եւ մենք պարտինք պատուել մեր ծնողքը, ըստ Սուրբ Գրքի ցուցմունքներուն։ Արդարեւ Մարիամ կ՛ըսէ ինքիրեն համար. Այո՛, ասկէ ետք` բոլոր սերունդները զիս երանելի պիտի հռչակեն (Ղուկաս 1,48)։ Եկեղեցին կ՛արտայայտէ իր յարգանքը Մարիամի հանդէպ մասնաւորաբար ուխտատեղիներու մէջ, ծիսական տօներու ընթացքին, շարականներով եւ աղօթքներով, ինչպէս զոր օրինակ սուրբ Վարդարանով, որ համառօտութիւն մըն է Աւետարաններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.